2015-09-23 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Սպիտակ Տան մէջ` բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 23 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9,15-ին (Հռոմի ժամով 15,15-ին) Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Սպիտակ Տուն ուր տեղի ունեցաւ իրեն իր պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը երախտագիտութիւնը յայտնելով Նախագահ Օպամային ու Ամերիկացի ժողովուրդին իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան­, ներկայացաւ որպէս ''գաղթական ընտանիքի մը զաւակ, ուրախ հիւրընկալուելու այս Երկիրն մէջ որ կերտուած է նման ընտանիքներու ջանքերով''։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց այս ''հանդիպումի եւ երկխօսութեան օրերուն'' կատարելիք իր ձեռնարկները, յոյս յայտնելով ունկնդրել եւ ապա բաժնեկցիլ Ամերիկացի ժողովուրդին երազանքներն ու յոյսերը։

Պատիւը պիտի ունենամ  - ըսաւ Ան - խօսքս ուղղելու ''Քոնկրեսին'' ուր որպէս այս Երկիրն եղբայր կը յուսամ քաջալերել բոլոր անոնք որոնք կանչուած են առաջնորդելու այս երկրին ապագան,  ապա պիտի երթամ Ֆիլատելֆիա, Ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հաւաքին առթիւ, որուն նպատակն է նեցուկ կանգնիլ ու տօնախմբել ամուսնութեան եւ ընտանիքի կառոյցները, մեր քաղաքակրթութեան պատմութեան վճռորոշ այս պահին ընթացքին։

Սրբազան Պապը ապա յայտնեց թէ Ամերիկացի կաթողիկէները, իրենց հայրենակիցներուն նման, յանձնառու են կերտելու ընկերութիւն մը որ ըլլայ հանդուրժող ու նեռարական, պաշտպան անհատներուն եւ հասարակութիւններուն, ու դիմադրող որեւէ անարդար խտրականութեան։ Քահանայապետը հաստատեց թէ արդար ընկերութեան մը կերտումին հիմը կը կազմէ ''կրօնի ազատութիւնը'' որ կը հանդիսանայ Ամերիկայի ամենակարեւոր նուաճումներէն մին, որուն ի սպաս բոլորս կանչուած ենք աշխատելու։ 

Հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Օպամայի ձեռնարկին հայող ''Օդի ապականումի նուազեցումին'', մատնանշելով նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու հրատապ հարցին որ ''կարելի չէ անտեսել ու թողուլ ապագայի սերունդներուն''։

''Պատմութիւնը մեզ կը դնէ վճռական ժամանակի դիմաց ''հասարակաց տան'' խնամատարութեան առընչութեամբ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը շեշտելով այս ուղղութեամբ լուրջ պատասխանատուութեան ստանձնում ու հարց տալով թէ Ի՞նչպիսի աշխարհ մը կ՛ուզենք թողուլ մեր զաւակներուն, ապա  իւրացուց Մարթին Լութեր Քինկի խօսքերը  ըսելով. Չկարողացանք հաւատարիմ մնալ որոշ մեր ստանձնած յանձնառումներուն, Սակայն ժամանակը հասած է որ սկսինք  յարգել զանոնք։

Սրբազան Պապը ապա հաստատեց թէ Արարիչը երբեք մեզ միակ չի թողուր ու ետքայլ չ՛ըներ իր սիրոյ ծրագիրի իրագործումին մէջ, ու երբեք չի զղջար մեզ ստեղծած ըլլալուն համար։

Մարդկութիւնը տակաւին կարողութիւնը ունի համագործակցելու, ի սպաս  հասարակաց տան մը կերտումին, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''որպէս քրիստոնեաներ յանձնառու ըլլալու ենք այս ուղղութեամբ''։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց տածած ջանասէր աշխատանքին համատեղելու խզուած յարաբերութիւններ ու բանալու մարդկային ընտանիքի ներքոյ համագործակցութեան նոր ուղիներ որոնք կը ներկայացնեն դրական քայլեր տանող հաշտութեան, արդարութեան եւ ազատութեան։

Մաղթանքս է- ըսաւ Ան - որ այս մեծ ու բարգաւաճ ազգի բոլոր բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները թիկունք կանգնին միջազգային հասարակութեան ջանքերուն, պաշտպանելու համար այս աշխարհի տկարները, որպէսզի մեր եղբայրակիցները կարենան ամենուրէք ճանչնալ Աստուծոյ իր զաւակներուն ցանկացած խաղաղութեան ու բարգաւաճումի օրհնութիւնները։

Քահանայապետը ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Օպամային ու խօսքը եզրափակեց ''Աստուած օրհնէ Ամերիկան'' բացագանչութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.